2015-03-17 11:37:00

Ֆրանչիսկոս Պապի թուիթը` թոյլ տանք որ Աստուած մեր վրայ զեղու իր ողորմութիւնը''


(Ռատիօ Վատիկան)  17 մարտ 2015-ին հրատարակած իր  թուիթին մէջ Ֆրանչիսկոս Սրբազան Քահանայապետը գրեց ''Թոյլ տանք որ Աստուած մեր վրայ զեղու իր բարութիւնն ու ողորմութիւնը''։

Յայտնենք թէ անցեալ ուրբաթ` 13 մարտ 2015 ին, Ֆրանչիսկոս Պապը իր ընտրութեան երկրորդ տարեդարձին օրը, խոստովանանքի եւ ապաշխարութեան կարգի ընթացքին արտասանած իր քարոզին մէջ յայտարարեց թէ որոշած է ''արտակարգ յոբելինական տարի մը հռչակել որուն կեդրոնը հանդիսանայ ''ողորմութիւնը''։

''Ողորմութեան Սուրբ Տարին'' որ պիտի ուզենք ապրիլ Տիրոջ հետեւեալ խօսքերուն լոյսին տակ ''գթած եղէք ինչպէս գթած է ձեր երկնաւոր Հայրը''։

Սրբազան Հայրը հուսկ մատնանշեց թէ ''Այս տարին սկիզբ պիտի առնէ յառաջիկայ Անարատ Յղութեան տօնին օրը (8 դեկտեմբեր) ու վերջ պիտի գտնէ 20 նոյեմբեր 2016-ին` Աստուծոյ ողորմութիւն կենդանի դիմագիծ` Յիսուս Քրիստոս Թագաւոր Տիեզերքի տօնին օրը։ 

Վստահ եմ որ համայն Եկեղեցին, որ կարիքն ունի ողորմութեան, որովհետեւ մեղաւորներ ենք                   , պիտի կարողանայ այս Յոբելեանին մէջ գտնել ուրախութիւնը` վերագտնելու եւ պտղաբեր դարձնելու Աստուծոյ Ողորմութիւնը։ Չմոռնանք որ Աստուած ամէն բան կը ներէ եւ Աստուած միշտ կը ներէ։ Չյոգնինք ներողութիւն խնդրելէ։ Այժմէն իսկ այս Տարին կը յանձնենք ողորմութեան Մօր հովանիին, որպէսզի  իր հայեացքը ուղղէ մեր վրայ ու հսկէ մեր ուղեւորութեան վրայ որ է ապաշխարանքի ու սրտբաց ուղեւորութիւն մը, մէկ տարուայ երկարութեան, ընդունելու համար Աստուծոյ ներողամտութիւնը եւ Անոր ողորմածութիւնը։ 








All the contents on this site are copyrighted ©.